2014-10-16 12:42:40

''Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 16 հոկտեմբերի քարոզը` Գոհաբանական աղօթքը դժուար է բայց ուրախութիւն կը պատճառէ''


''Դիւրին է աղօթել շնորհք խնդրելու համար մինչ աւելի դժուար է գոհաբանական աղօթքը՝ որ իսկական ուրախութեան աղօթք է'', հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը, հինգշաբթի 16 հոկտեմբերի առաւօտեան մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ։
Մեկնաբանելով օրուայ սուրբ գրային ընթերցումը քաղուած՝ Պօղոս Առաքեալի Եփեսացիներու ուղղուած թուղթէն, ուր՝ Առաքեալը ուրախութեամբ կ՝օրհնէ զԱստուած,
Ֆրանչիսկոս Պապը յայտնեց, թէ ''Սուրբ Պօղոսի կատարածը ՝գոհաբանական աղօթք է որ մենք ընդհանրապէս չենք կատարեր'' ու հաստատեց թէ ''Աստուած փառաբանելը ձրի է եւ մեծ ուրախութիւն կը պատճառէ''։
Ֆրանչիսկոս Պապը ընդգծեց ապա թէ մենք վարժ չենք Փառաբանել Աստուած, ասիկա կրնանք ընել եթէ յիշենք մեր կեանքին ընթացքին Աստուծոյ մեզի ընծայած պարգեւները։ ''Աստուած Աշխարհի ստեղծագործութենէն առաջ մեզ ընտրած է Քրիստոսի մէջ։ Ասիկա է ճշմարտութիւնը, Յայտնութիւնը'', հաստատեց Ֆրանիչկսոս Պապը աւելցնելով թէ ''եթէ՝ չհաւատանք այս իրողութեան ուրեմն քրիստոնեաներ չենք , քրիստոնեան ընտրուած է Աստուծոյ սրտին մէջ, նախքան աշխարհի ստեղծագործութիւնը''։ ''Գոհաբանական աղօթքը ուրեմն ուրախութեան եւ յիշատակի աղօթք է'' ըսաւ Քահանայապետը մատնանշելով Տիրոջ զոհաբերութեան մեզի համար ու խօսքը եզրափակեց հրաւիրելով` աղօթել Սուրբ հոգւոյն որպէսզի մեզի պարգեւէ՝ Աստուծոյ խորհուրդին մէջ մտնելու շնորհքը յատկապէս երբ պատարագի զոհը կը մատուցենք։







All the contents on this site are copyrighted ©.